Ջուրը- ինքն ալ – զարմացաւ թէ ինչպէս

վեր չթափեցաւ ելաւ պատէն վէր

Ջուր մըն էր բոլոր միւս ջուրերուն պես

-ջուր որ սորված էր անձրեւի շիթէն

թէ իր դերը վար իյնալ է միայն

Եւ եթե չիյնայ հողը կը վշտանայ

քէն կ’ընէ ու ծառ ծաղիկ չի բանար –

Այդ ջուրը ինչպէս ելավ պատէն վէր –

Արդեօք պատճառը ա՞յն էր որ գիշերանց

սիրաբանած էր լիալուսնին հետ

ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ

– Հիմա ձեզմէ շատեր պիտի խորհին թէ

այդ ջուրն իրենք են –

– շատերն թէ իրենք լիալուսինն են –

– իսկ պատը ան միշտ միեւնոյն պատն է

ԶԱՀՐԱԴ